2014-12-04 13:41:14

Հաղորդագրութիւն` Մոզամպիքի Նախագահին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին տուած այցելութեան մասին։


(Ռ.Վ. 4 դեկտեմբեր 2014) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ այսօր` (4 դեկտեմբեր 2014-ին) ,Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Մոզապիքի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Արմանտօ Էմիլիօ Կէպուազան, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար գերապայծառ Անթուան Քամիլլերին։
Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին, շեշտուեցան երկու պետութիւններու միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւնները։ Այս առընչութեամբ ընդգծելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տուած հիմնական սատարը` երկրի զարգացումին ի նպաստ, իր դաստիարակչական եւ առողջապահական կառոյցներու շնորհիւ, ինչպէս նաեւ անոր օժանդակութիւնը ի սպաս ազգային հաշտութեան։
Զրոյցները ապա յանգեցան շրջանային հարցերու շուրջ, ինչպէս զինաթափը եւ աղքատութեան դէմ ու ընկերային անհաւասարութեան դէմ պայքարը։









All the contents on this site are copyrighted ©.